2016-12-07 10:08:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Քրիստոնէական յոյսը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 7 դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն մը շնորհեց այնտեղ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ այս առթիւ անոնց ուղղած իր ճարին մէջ ըսաւ. 

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր բարի լոյս, այսօր կը սկսինք քրիստոնէական յոյսի մասին խորհրդածութիւններու նոր շարք մը։

Մենք կարիքը ունինք յոյսի, նա մանաւանդ այս ժամանակներու ընթացքին որոնք կը թուին մռայլ եւ ուր շատ անգամ կորսուած կը զգանք մենք զմեզ ի դէմ չարին ու բռնութեան որոնք մեզ կը շրջապատեն, ինչպէս նաեւ ի դէմ  բազմաթիւ եղբայրներու տառապանքին։ Սակայն պէտք չէ որ յոյսը մեզ  լքէ, որովհետեւ Աստուած իր անհուն սիրով մեր հետ կը քալէ ու մեզ երբեք միայնակ չի թողուր։ Մեր Տէր Յիսուսը յաղթեց չարին ու մեր առջեւ բացաւ կեանքի ճամբան։ Արդ այս յիսնակաց յատուկ ժամանակի առթիւ, որ է նաեւ սպասումի շրջան, որուն ընթացքին կը պատրաստուինք ընկալելու Մարդեղութեան մխիթարիչ խորհուրդը ու Սուրբ Ծննդեան լոյսը, կարեւոր է խոկալ յոյսի մասին։

Թոյլ տանք ուրեմն որ Տէրը մեզի սորվեցնէ թէ ի՞նչ ըսել է Յուսալ։ Ունկնդրենք յոյսի պատգամաւոր` Եսայի մարգարէին խօսքերը, որ իր գիրքի երկրորդ մասին մէջ, ժողովուրդին կ՛ուղղէ մխիթարութեան պատգամ մը` ''Մխիթարեցէք`  մխիթարեցէք իմ ժողովուրդին, կ՛ըսէ ձեր Աստուածը. Դուք քահանաներդ, Երուսաղէմի սրտին խօսեցէք ու անոր իմացուցէք թէ անոր տառապանքը վերջ գտաւ ու անոր մեղքերուն թողութիւն շնորհուեցաւ…. Անապատի կանչող ձայն մը կ՛ըսէ  ''Պատրաստեցէք Տիրոջ ճանապարհը. Հարթեցէք մեր Աստուծոյ շաւիղները։ Բոլոր ձորերը պիտի լցուին, ու բոլոր լեռներն ու բլուրները  պիտի ցածրանան, դժուարին վայրերը դիւրին պիտի դառնան եւ առապարները` դաշտեր։ Պիտի յայտնուի Տիրոջ փառքը ու  բոլոր մարդիկը պիտի տեսնեն զինք միասնաբար` Քանզի Տէրը խօսեցաւ (Եսայի 40, 1-2, 3-5)։

Հայր Աստուած կը մխիթարէ մխիթարութիւն յարուցելով  ու հռչակելով տառապանքներու վերջը ու մեղքերու թողութիւնը։ Ասոր համար մարգարէն կը հրաւիրէ պատրաստելու Տիրոջ ճանապարհը բացուելով փրկութեան պարգեւներուն։ Եւ ժողովուրդին մխիթարութիւնը կը սկսի Աստուծոյ ճանապարհին վրայ քալելու կարելիութեան հետ։ Այս ճանապարհը պատրաստել կը նշանակէ պատրաստել փրկութեան ու ազատագրումի ճանապարհը։

Հրեայ ժողովուրդին համար աքսորը դժբախտ ու ողբալի իրականութիւն մը եղած էր. Ան կորսնցուցած էր ամէն ինչ, հայրենիք, ազատութիւն, արժանապատուութիւն եւ նոյնիսկ Աստուծոյ վրայ վստահութիւնը։ Ինքզինք բոլորովին անյոյս ու լքուած կը զգար։ Ու ահա կը հասնի մարգարէին կոչը որ սիրտը կը բանայ հաւատքին։ Անապատը` ապրելու դժուար վայր մըն է սակայն ճիշտ այնտեղն է որ հիմա կարելի է քալել ու վերադարձ կատարել հայրենիք ու դէպի Աստուած. Վերստին յուսալ ու ժպտալ - յարեց Նորին Սրբութիւնը ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ ու աւելցուց  ''Կեանքը յաճախ անապատ մըն է ուր դժուար է յառաջ ընթանալ, եթէ սակայն ապաւինինք Աստուծոյ այդ ճանապարհը կրնայ գեղեցիկ ու լայն թուիլ մեզի։ Բաւ է որ երբեք յոյսը չի կորսնցնենք, բաւ է որ շարունակենք հաւատալ, միշտ, հակառակ ամէն բանի։

Եսայի մարգարէի նոյն խօսքերը կը գործածէ նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Կարապետը որով կը հրաւիրէ ապաշխարութեան ''Անապատի մէջ ձայն մը կ՛աղաղակէ. Պատրաստեցէք Տիրոջ Ճանապարհը (Մատթ 3,3)''։  Ձայն մը որ կ՛աղաղակէ վայրի մը մէջ ուր ոչ մէկը կարող է ունկնդրել ու կ՛աղաղակէ հաւատքի տագնապի պատճառաւ։ Իսրայէլացիները արդարեւ իրենք զիրենք աքսորի մէջ կը զգային, որովհետեւ կը գտնուէին Հռովմէացիներու լուծին տակ ու կառավարուած էին օտար բռնակալներէ` որոնք իրենց կեանքը կը պայմանաւորէին։

Իսկական պատմութիւնը սակայն հզօրներէ չէ կազմուած, այլ կազմուած է Աստուծմէ իր փոքրիկներու հետ միասին։ Այդ պարզ ու հեզ փոքրիկները որոնք կը տեսնենք ծնունդ առնող Յիսուսին շուրջ, Զաքարիան. Եղիսաբեթը, Մարիամը, Յովսէփը, հովիւները։ Ասոնք փոքրեր են սակայն մեծ են հաւատքի մէջ, որովհետեւ փոքրերը գիտեն յուսալ։

Անոնք են որ անապատը կը փոխակերպեն ու զայն կը դարձնեն սահուն ճանապարհ մը­ հանդիպելու համար Տիրոջ ու Անոր փառքին։ Թոյլ տանք ուրեմն սորվիլ յոյսը եւ վստահութեամբ սպասենք Տիրոջ գալստեան, որպէսզի մեր կեանքի որեւէ անապատ դառնայ ծաղկուն մէկ պարտէզ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.